Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ կէսօրէ ետք վերադարձաւ Լիբանան:
Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս պապին հետ հանդիպում մը ունեցած Ռայի պատրիարքը Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ըսաւ. «Ֆրանչիսկոս պապը կոչ կ՛ուղղէ լիբանանցիներուն ընտրելու հանրապետութեան նախագահը»:
Ռայի պատրիարքը յայտնեց նաեւ, որ Ֆրանչիսկոս պապին եւ Վատիկանի ընդհանուր քարտուղար գերապայծառ Փիեթրօ Փարոլայնի հետ քննարկած է Միջին Արեւելքի զարգացումները եւ լիբանանեան իրադարձութիւնները:
All the contents on this site are copyrighted ©. |